2013-10-25 13:37:08

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց` Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդի Լիանիստ Ժողովի մասնակիցները։


Ուրբաթ` 25 հոկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Գվինիայի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Օպիանկ Նկէմա Մպազօկօն, անոր կողակիցը ու իրենց ընկերացող շքախումբը։ Ան ապա յաջորդաբար ընդունեց` Հնդկաստանի Րանքի թեմի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Թէլէսֆոր Բլաչիտուս Թոբբօ եւ Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը` գերապայծառ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէր։
Նորին Սրբութիւնը ապա Քահանայապետներու Սրահին մէջ ընդունեց. Կանայի մօտ առաքելական դեսպան` նորօծ եպիսկոպոս` գերապայծառ Ժան Մարի Սբէյշ ու անոր ընտանեկան պարագաները ու Քահանայապետական Եկեղեցական Կաճառի Նախագահ` նորօծ եպիսկոպոս Ճամբիէդրօ Կլոտէր ու անոր ընտանեկան պարագաները։ Յատնենք որ հինգշաբթի 24 հոկտեմբերի յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի մէջ եպիսկոպոսական օծում շնորհեց վերոյիշեալ երկու եպիսկոպոսներուն։
Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ժամը 12,30-ին, Գլեմենդինա Սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդի Լիանիստ Ժողովի 150 մասնակիցներուն, ու անոնց արտասանած իր ճառին մէջ անդրադարձաւ երեք նիւթերու.` Ընտանիքը որպէս կեանքի հասարակութիւն, Ընտանիքը հիմնուած ս. պսակի խորհուրդի վրայ եւ ապա ընտանիքի կեանքի երկու հանգրուանները` մանկութիւն ու ծերութիւն։

Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնալով առաջին նիւթին յայտնեց թէ ''ընտանիքը այն վայրն է ուր կը կազմուի մարդ էակը, ուր կը սորվինք սիրել։ Ուր անդամները իրար զիրար կը սիրեն, կը խօսակցին իրարու հետ եւ մէկը միւսին համար զոհողութիւններ կ՛ընէ, պաշտպանելով կեանքը։ Ընտանիքը աշխարհի եւ պատմութեան շարժիչ ուժն է - հաստատեց Ան եւ աւելցուց- թէ ''Ընտանիքէն ներս, անհատը գիտակից կը դառնայ իր արժանապատուութեան, մանաւանդ երբ ստացած է Քրիստոնէական դաստիարակութիւն''։
Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով ''Ընտաինիք Իրաւունքի Դաշնագիրի'' երեսուն ամեակին, հաստատեց թէ Ընտանիքը պէտք է ճանչցուի իր իսկական հասարակական էութեամբ։ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա անդրադարցաւ երկորդ կէտին որ է ''Ընտանիքը հիմնուած ս. պսակի խորհուրդին վրայ''։ Խորհուրդ մը - ըսաւ Ան- որ կը հանդիսանայ հիմը որուն վրայ կառուցուած է ընտանիքը։ Քահանայապետը ապա խօսեցաւ ընտանեկան կեանքի երկու հանգրուաններու մասին` մանկութիւնն ու ծերութիւնը։ Հասարակութիւն մը որ նկատի չ՛առներ մանուկները եւ կ՛անտեսէ տարեցները, իր արմատները կը խլէ եւ իր ապագան կը նսեմացնէ։ Ամէն անգամ որ մանուկ մը, իր բախտին կը լքուի եւ տարեց մը կ՛անտեսուի, ոչ միայն անարդար արարք մը կ՛իրագործուի այլ կը բացայայտուի նաեւ ընկերութեան ձախողութիւնը։ Մանուկներուն ու տարեցներուն հոգ տանիլը, քաղաքակրթութենէ բխած ընտրանք մըն է, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով Եկեղեցւոյ հոգատարութեան հանդէպ մանուկին ու ծերունիին, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ մարդկութեան նուիրած ծառայութեան` սիրոյ, ըտանեկան եւ զօրակցութեան հոգիով, որ ամէնքը կ՛օգնէ վերագտնելու Աստուծոյ մայրութիւնն ու հայրութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց ականրկելով Ընտանիքի առաքելութեան` աւետարանացումի ծիրէն ներս, շեշտը դնելով քրիստոնեայ ընտանիքներու կեանքի վկայութեան վրայ ու հրաւիրեց բոլորը մօտիկ ըլլալու` դժուարութեան մէջ ապրող ընտանիքներուն ներառեալ իարմէ բաժնուած զոյգերուն։ Ան ապա գնահատեց Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի աշխատանքներու տուած նպաստը, ի տես Ընտանիքի նուիրուած յառաջիկայ 2014-ին գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, ու ապա բոլորը յանձնելով Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի հովանիին իր հայրական օրհնութիւնը ջամբեց անոնց։








All the contents on this site are copyrighted ©.